2015-12-27 10:58:00

Ս. Ծնունդը Իրաքի մէջ` քրիստոնեաները ներումի առաքեալներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու պատրիարք գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան տօնին  առթիւ Պաղտատի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ` ըսաւ ''2015-ի Ծնունդը կատարենք լռութեամբ ու արցունքով աւելի արդար Իրաքի ու լաւագոյն ապագայի յոյսով''։

Պատրիարքը մաղթեց որ Իրաքի մէջ տիրէ խաղաղ համակեցութիւն զանազան համայնքներու միջեւ դիտել տալով թէ ''քրիստոնեաներու թիւը հետզհետէ նուազած է ու այսօր  կը կազմէ 500 հազար անդամներէ բաղկացած փոքրամասնութիւն մը''։

Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Պատրիարք Սաքօ դիտել տուաւ որ Իրաքի Պետութիւնը 25 մեթր բարձրութեամբ տօնածառ մը բարձրացուցած է պատրիարքարանին մօտ սակայն, ըսած է Պատրիարքը,  մեզի համար ատիկա ոչ մէկ նշանակութիւն ունի̦, մենք կը պահանջենք հաւասար իրաւունք, հաւասար քաղաքացիութիւն։ Հարկաւոր է որ դադրի հալածանքը քրիստոնեաներուն դէմ։ Պատասխանելով Յիսուսի ս· Ծնունդի տօնին նշանակութեան մասին պատրիարքը ըսած է ''Այս մէկը  իմաստալից է` Մանուկ Յիսուսը կը ծնի իր քաղաքէն դուրս, իր տունէն դուրս, իր ընտանիքին հետ միասին` ճշմարիտ գաղթական մը։ Աւելին` սպառնալիքի ենթարկուած` քրիստոնեաներու նման,  կը հեռանայ Բեթղեհէմէն, Նազարէթէն ու կ՛երթայ Եգիպտոս։ 

''Մեր քրիստոնեաները եւս ամէն բան թողուցին ու հեռացան վտանգէն։ Սակայն ես վստահ եմ թէ այս վտանգը վերջ պիտի գտնէ, քաղաքները շուտով պիտի ազատագրուին ու քրիստոնեաները պիտի կարողանան իրենց տուները վերադառնալ։ Իմ յոյսս է որ քրիստոնեաները դիմադրեն ու պահեն իրենց ինքնութիւնը։ Մենք առաքեալներ ենք, մեր եկեղեցին միշտ եղած է առաքեալ քարոզիչը ներումի, սիրոյ, համագործակցութեան ու եղբայրակցութեան''ըսած է Պատրիարք Սաքօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.